(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Կոյս Մարիամի ըստ լատինաց տաճար ընծայումի յիշատակի օրուան առթիւ, Եկեղեցին կը նշէ նաեւ ''Pro Orantibus – Աղօթողներու ի սպաս'' օրը, նուիրուած բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայեցողական կեանքին ու որպէս առաքելութիւն ընտրեցին աղօթքը։
Այդ օրուայ առթիւ համայն հաւատացեալները հրաւիրուած են աղօթելու` աղօթքի նուիրուած անձերու դիտաւորութեան, որոնք իրենց կարգին կարիքն ունին բոլորին աղօթքին։
Սոյն օրուան առթիւ որ նշուեցաւ երկուշաբթի 21 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց` երախտապարտութեամբ յիշել նուիրեալ անձինքը, որոնք փակեալ վանքերու մէջ աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհին համար։
''Երախտապարտութեամբ յիշենք նուիրեալ անձերը որոնք` փակեալ վանքերու մէջ կ՛աղօթեն Եկեղեցւոյ ու աշխարհին համար'' գրեց Նորին Սրբութիւնը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |